1 Peter 2
1 Հետեւաբար մէկդի՛ ձգեցէք ամէն տեսակի չար մտածում ու նենգութիւն, կեղծաւորութիւն ու նախանձ եւ ամէն տեսակի չարախօսութիւն։
2 Որպէս հաւատքի նորածին մանուկներ՝ Աստուծոյ խօսքին անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէսզի անով աճիք եւ փրկութեան հասնիք։
3 «Անգամ մը որ Տիրոջ խօսքին համը առնէք, պիտի տեսնէք թէ քաղցր է ան» ։
4 Մօտեցէ՛ք անոր, Քրիստոսի, որովհետեւ ի՛նքն է այն կենդանի վէմը, որ թէպէտ մարդոցմէ մերժուած, բայց Աստուծմէ ընտրուած պատուական վէմն է։
5 Այսպիսով դո՛ւք ալ, որպէս կենդանի քարեր, Քրիստոսի վէմին վրայ կը կառուցուիք՝ իբրեւ հոգեւոր տաճար. իւրաքանչիւրդ կը դառնաք անարատ քահանաներ եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ հոգեւոր ընդունելի պատարագկը մատուցանէք Աստուծոյ։
6 Որովհետեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է.– «Ահա ես Սիոնի մէջ կը դնեմ ընտրուած վէմ մը, պատուական անկիւնաքար մը. անոր հաւատացողը յուսախաբ պիտի չըլլայ»։
7 Քանի դուք հաւատացիք Քրիստոսի, անիկա ձեզի համար պատուական վէմը եղաւ. մինչդեռ չհաւատացողներուն համար՝ անիկա «Այն քարն է, որ թէպէտ շինողները մերժեցին գործածել, բայց ինք անկիւնաքարը եղաւ»,
8 կամ՝ «Այն քարն է, որ գլորումի եւ գայթակղութեան առիթ» պիտի ըլլայ անոնց համար՝ որոնք Աստուծոյ խօսքը անհամոզիչ գտնելով կը գայթակղին, ինչպէս որ Աստուած նախատեսած էր։
9 Գալով ձեզի, դուք ընտրուած ցեղ մըն էք, թագաւորելու կոչուած քահանաներ, սուրբ ազգ մը, Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը. եւ ձեր պարտականութիւնն է քարոզել զօրութիւնը անոր՝ որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց։
10 Որովհետեւ հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք, մինչ նախապէս չէիք. հիմա իր ողորմութիւնը կը վայելէք, մինչ նախապէս զրկուած էինք անկէ։
11 Կ՚աղաչեմ, սիրելինե՛ր, իբրեւ աշխարհի մէջ պանդուխտներ եւ օտարականներ՝ հեռո՛ւ մնացէք մարմնական ցանկութիւններէն, որոնք հոգիին դէմ կը պատերազմին։
12 Նայեցէք որ պարկեշտ կենցաղ ունենաք հեթանոսներուն մէջ, որպէսզի իրենք, որ ձեզ կը բամբասեն իբրեւ չարագործ, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն զԱստուած, իր Գալստեան Օրը։
13 Տիրոջ սիրոյն՝ հնազանդեցէ՛ք բոլոր մարդկային իշխանութիւններուն. ըլլա՛յ թագաւորին, որ վերագոյնն է,
14 ըլլա՛յ կառավարիչներուն, որոնք իր կողմէ նշանակուած են՝ չարագործները պատժելու եւ բարեգործները գովելու համար։
15 Որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է՝ որ բարի գործերով պապանձեցնէք անխելք մարդոց տգէտ լեզուները։
16 Ազատ մարդոց պէս եղէք, բայց՝ իբրեւ Աստուծոյ ծառաներ ։ Ձեր ազատութիւնը չարիք գործելու պատրուակ թող չդառնայ։
17 Յարգեցէ՛ք բոլորը. ձեր հաւատակից եղբայրները սիրեցէ՛ք. Աստուծմէ վախցէք. թագաւորը պատուեցէք։
18 Ծառանե՛ր, ամենայն երկիւղածութեամբ հնազանդեցէք ձեր տէրերուն. ո՛չ միայն անոնց՝ որոնք ազնիւ են ու բարի, այլ նաեւ անոնց՝ որոնք անգութ են։
19 Որովհետեւ Աստուծոյ մէկ շնորհքն է, երբ Աստուծոյ կամքը գիտնալով՝մարդկը համբերէ անիրաւ տեղ կրած նեղութիւններուն։
20 Արդարեւ, ի՞նչ արժանիք կ՚ունենաք, եթէ ձեր գործած յանցանքներուն համար տանջուիք եւ համբերէք. մինչդեռ երբ բարիք գործելով չարչարուիք եւ համբերէք՝ Աստուծոյ քով շնորհք կը գտնէք։
21 Այդ համբերութիւնը ցուցաբերելու կոչուած էք դուք, որովհետեւ Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ՝ օրինակ տալով ձեզի, որպէսզի իր հետքերով քալէք։
22 «Անիկա ոեւէ մեղք չգործեց եւ անոր բերնէն ոեւէ նենգութիւն չլսուեցաւ»։
23 Նախատուեցաւ, բայց փոխարէնը չնախատեց. չարչարուեցաւ, բայց փոխարէնը չսպառնաց, այլ՝ ինքզինքը Արդար Դատաւորին յանձնեց։
24 «Մեր մեղքերը ի՛նք կրեց» իր մարմինով՝ խաչին վրայ, որպէսզի մեղքի տիրապետութենէն ազատած՝ արդարութեան համար ապրինք։ «Անոր վէրքերովն էր որ բժշկուեցաք»։
25 Արդարեւ «մոլորած ոչխարներու պէս» էիք, բայց հիմա վերստին դարձաք Հովիւին, ձեր հոգիներու Տեսուչին։